2012-11-22 13:08:53

Կրօններու Շաբաթը` միջկրօնական հանդիպում Կրույերի մէջ։


Կրօններու շաբաթ նշանաբանին տակ Զուիցերիոյ Պիւլ ճեմարանի մէջ տեղի կ'ունենայ կրօններու ցուցահանդէսը, նախաձեռնութեամբ Կրույերի միջկրօնական յանձնախումբի կողմէ։
Ցուցհանդէսին ընթացքին կը ներկայացուինինտու, պուտտաեական, հրեայ, քրիստոնեայ եւ մահմետական կրօնները։ Այցելուն առիթը կ՛ունենայ մօտէն ճանչնալու կրօնական մեծ աւանդութիւններն ու մշակոյթները։ Կլոր սեղանի մը ընթացքին մասնաւորապէս խօսուեցաւ միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան, իրար զիրար յարգանքի ու բարեկամութեան նիւթերու մասին յաղթահարելու համար նախապաշարումներն ու վախերը, որոնք տգիտութեան հետեւանքն են։ Հանդիպումը ի յայտ դրաւ կրօններու կարեւոր դերը ընկերութեան մը մէջ, ուր կը տիրէ անհատապաշտութիւնը ու շահասիրութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.